image

Հալէպ դարձեալ զրկուած է ըմպելի եւ օգտագործման պիտանի ջուրի մատակարարումէն

Հալէպ դարձեալ զրկուած է ըմպելի եւ օգտագործման պիտանի ջուրի մատակարարումէն

Հալէպ դարձեալ առանց ջուրի է: Այս մասին «Հայ Ձայն» տեղեկութիւն ստացած է Հալէպի իր աղբիւրէն: Աղբիւրի համաձայն, քաղաքը 3 շաբաթներէ ի վեր զրկուած է ըմպելի եւ օգտագործման պիտանի ջուրի մատակարարումէն: «Տահէշ» ահաբեկչական խմաւորումը փակած է Եփրատ գետի եզերքին գտնուող «Ալ Պապիրի» եւ «Խաֆսա» գիւղաւաններու մէջ եղող ջրամատակարարման կայանները, որոնք կը համարուին Հալէպը ջուրով օժտող գլխաւոր կայաններ:

Նշենք, որ այդ շրջանները կը գտնուին Հալէպէն 85 քլմ. հեռաւորութեան վրայ: Հալէպի հայկական թաղամասերու բնակիչները քաղաքի մնացեալ բնակչութեան նման ստիպուած կ’ըլլան բարձր գին վճարել ջուր «գնելու» հոգալու համար, իրենց առօրեայ պէտքերը:

Առաջին անգամը չէ, որ ռատիքալիստ խմբաւորումները Հալէպը նման դրութեան առաջ դնելով կը փորձեն ճնշումի ենթարկել Սուրիոյ կառավարութիւնն ու անոր օրինապահ զօրքերը:

Նշենք, որ Հալէպի ծայրմասային հատուածներուն մէջ թէժ մարտերը կը շարունակուին մէկ կողմէ օրինական բանակին եւ միւս կողմէ ահաբեկիչ խմբաւորումներու միջեւ: