image

Հակառուսական պատիժներէն տուժած երրորդ երկիրները պիտի փոխհատուցուին. Ժոզեփ Պորել

Հակառուսական պատիժներէն տուժած երրորդ երկիրները պիտի փոխհատուցուին. Ժոզեփ Պորել

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել յայտարարած է, որ ԵՄ-ն պիտի փոխհատուցէ երրորդ երկիրներուն հասցուած վնասը, եթէ նման խնդիր առաջանայ հակառուսական պատժամիջոցներու հետեւանքով, գրած է ՌԻԱ Նովոստին։

«Պատժամիջոցներու հետեւանքները պէտք է մանրակրկիտ չափուին: Անոնք պէտք չէ ազդեն լոճիսթիք (բանակավարութեան)  գործօններու վրայ: Երէկ մենք շատ արդիւնաւէտ քննարկում ունեցանք ուրոյն խնդիրներու շուրջ, որոնք պիտի ուզէինք շատ ուշադիր լուծել, բայց անոնք ուղղուած չեն երրորդ երկիրներու տնտեսութեան: Եթէ կան ուղեկցող որոշ հետեւանքային վնասներ, մենք անոնք պիտի փոխհատուցենք»,-ըսած է Պորել Աստանայի մէջ կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք ԵՄ-ն կրնայ երաշխաւորել, որ պատժամիջոցները չեն ազդեր Ղազախստանի տնտեսութեան վրայ։

Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած՝ ԵՄ-ն մեծցուցած է պատժամիջոցային ճնշումը Ռուսիոյ վրայ։ Ռուսիա բազմիցս ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ հակառուսական պատժամիջոցները բացասաբար կ'անդրադառնան համաշխարհային տնտեսութեան վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ Մոսկուան յայտարարած է, որ Ռուսիան պիտի դիմակայէ պատժամիջոցներու ճնշումը։