Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական եւ քաղաքական տագնապին ու ճգնաժամին, լիբանանցին տակաւին կը շարունակէ, յուսալ, երազել, ստեղծագործել։ Լիբանանցի Ճարտարագէտ Հիշամ Հուսամի կերտած է «Լիրա» անունով ինքնաշարժ մը։ Յշեցնենք, որ «Լիրա»ն լիբանանեան դրամանիշն է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ՝ լիբանանեան լրասփիւռներէ։
«Լիրա» ինքնաշարժը լիբանանեան արտադրութեամբ ելեկտրական ինքնաշարժ է, որ կ՚աշխատի արեւային ուժով (energy)։ Ան բնութեան բարեկամ է, կենսոլորտը չ՚ապականեր։
Ինքնաշարժը ունի արհեստագիտական բոլոր անհրաժեշտ պայմաններն ու անվտանգութեան միջոցները։ Ան ունի կողմնացոյց՝ GPS սարք, երկու տեսախցիկ՝ առջեւն ու ետեւը, զգայնութեան միջոց (sensor), եւ կառավարելու համար հպմամբ աշխատող պաստառ (touch screen), որ կը բանի Android ծրագիրով։
Ինքնաշարժին ընդհանուր չափը փոքր է, բայց մէջը ընդարձակ է եւ հանգստաւէտ, ուր հինգ հոգի յարմար ձեւով կրնան տեղաւորուիլ։ Սնտուկը փոքր չափի ինքնաշարժներու չափանիշներու վրայ շինուած է։ Ինքնաշարժին կառոյցն ու տեսքը իւրայատուկ է, ոչ մէկ ինքնաշարժի կը նմանի։
Յառաջիկայ 8 Յուլիսին լիբանանցիները ժամադրուած են, արեւային ուժով բանող, ելեկտրական ինքնաշարժի թողարկման հանդիսութեան։