2019 Թուականին Սուրիոյ մէջ արտադրուելիք ձէթի քանակը պիտի հասնի 830 հազար թոնի։
Այս մասին յայտարարութիւն կատարած է երկրի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Ապտըլ Մուհին Քատամանի։ Վերջինս խօսելով «Սանա» պաշտօնական գործակալութեան նշած է, որ այս տարուան ցուցանիշները հատած են եղած կանխատեսումները ու հակառակ կարգ մը շրջաններու մէջ առկայ ապահովական խնդիրներուն ձէթի եւ ձիթապտուղի արտադրութիւնը առաջին անգամ ըլլալով բարձր ցուցանիշ պիտի գրանցէ։
Կը նշուի, որ ամէնէն շատ ձէթ եւ ձիթապտուղ պիտի պարենաւորուի Լաթաքիա քաղաքին մէջ, ուր ձէթի պաշարները պիտի հասնին 168 հազար թոնի, Լաթաքիայէն բացի ձէթի մեծ պաշարներ պիտի ամբարուին Իտլիպի, Հալէպի, Թարթուսի եւ Հոմսի մէջ։
Քատամանի նաեւ նշած է, որ այս տուեալներուն վրայ հիմնուելով կարելի է եզրակացնել, որ Սուրիա ոչ միայն պիտի յաջողի բաւարարել ներքին շուկայի պահանջները, այլ նաեւ սուրիացի գիւղատնտեսներ պիտի կարողանան դէպի շրջակայ երկիրներ ձէթ արտահանել։