Սուրիոյ ղեկավար Ահմէտ Շարաա չյայտարարուած այցով ժամանած է Իսթանպուլ եւ բանակցութիւններ վարած Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ։ Այս մասին յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները:
Վերջին անգամ Շարաա Թուրքիա այցելած էր ապրիլին եւ Անթալիոյ մէջ մասնակցած դիւանագիտական ժողովի:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ ահաբեկչութեան համատեղ հակազդելու հարցեր:
Բանակցութիւններուն ներկայ եղած են Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր, թրքական հետախուզութեան ղեկավար Իպրահիմ Քալըն, որ անցեալ շաբաթ անձամբ այցելած էր Դամասկոս, նաեւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ղեկավար Հալուք Կերկիւն, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասատ Հասան Շայպանի եւ այլ պաշտօնատար անձեր: