image

Թուրքիան մտադիր է Սուրիոյ մէջ ռազմակայաններ ստեղծել․ Türkiye

Թուրքիան մտադիր է Սուրիոյ մէջ ռազմակայաններ ստեղծել․ Türkiye

Թուրքիան մտադիր Է Սուրիոյ տարածքին մէջ ռազմակայաններ ստեղծել ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջածիրէն ներս։ Այս մասին յայտնած է «Türkiye» թերթը ՝ վկայակոչելով թրքական անվտանգութեան մարմիններու մէջ իր աղբիւրը։

Աղբիւրը նշած է, որ Անգարան Սուրիոյ իշխանութիւններուն օգնութիւն պիտի ցուցաբերէ բանակի եւ անվտանգութեան ուժերու կազմակերպման հարցով:

«Աղբիւրները նշած են, որ Թուրքիոյ զինուած ուժերը Սուրիոյ մէջ պիտի ստեղծեն ռազմաօդային եւ ռազմածովային կայաններ՝ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարելու համար», - հաղորդած է հրատարակութիւնը։

Պարբերականի  տուեալներով՝ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարի շրջածիրէն ներս Սուրիոյ մէջ հինգ երկիրներու, այդ շարքին՝ Թուրքիոյ կանոնաւոր հանդիպումներ կը կայնան, որոնք կը քննարկեն խմբաւորման դէմ պայքարի մեքենականութիւնը: Ընդ որում՝ չէ յստակեցուած, թէ ուրիշ որ երկիրները ներգրաւուած են բանակցութիւններուն մէջ։