Յունիս 2-3-ը Գորիսի մէջ տեղի պիտի ունենայ հայ-ֆրանսական ապակեդրոնացուած համագործակցութեան 5-րդ համաժողովը: Այս մասին «ՍիվիլՆեթ»ին յայտնած են արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Ազգային Ժողովի Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Խաչատրեանն ալ խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին յայտնած է, որ այդ օրերուն նախատեսուած է Գորիսի մէջ Ֆրանսայի պատուոյ հիւպատոսութեան բացումը։ Պատգամաւորի խօսքով, իքը եւս պիտի մասնակցի բացման։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարոն մայիս 26-ին Երեւանի մէջ յայտարարած էր Գորիսի մէջ ֆրանսական հիւպատոսական գործակալութիւն բանալու մասին։ Նախարարը սակայն յստակ ժամկէտներ չէր նշած։
Ֆրանսայի կողմէ Գորիսի ընտրութիւնը կապուած է քաղաքի վաղեմի մշակութային կապերու հետ ֆրանքոֆոն աշխարհի հետ։ Համարուելով Հայաստանի ամենաֆրանսախօս քաղաքներէն մէկը՝ Գորիսի մէջ 2006-էն կը գործէ ֆրանսական մշակութային կեդրոն։ Կեդրոնը աշխուժ դեր խաղցած է տարածաշրջանին մէջ ֆրանսական լեզուի եւ մշակոյթի տարածման գործին մէջ, այդ շարքին՝ տեղի դպրոցականներու համար ֆրանսերէնի դասաւանդման աջակցելու գործին մէջ։