image

Գոհար Գալուստեանն ու իր ընտանիքը օրերս Երեւան պիտի հասնին

Գոհար Գալուստեանն ու իր ընտանիքը օրերս Երեւան պիտի հասնին

«Արեւելք»ին նամակ գրած Գոհար Գալուստեան եւ իր ընտանիքի անդամները յառաջիկայ օրերուն Երեւան պիտի ժամանեն: Նշենք, որ Գալուստեան, որուն Հալէպի «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ մօտ գտնուող բնակարանը անցնող օրերուն հրթիարձակումներու ենթարկուելով ծանր վնասներու ենթարկուած էր, նամակ մը գրելով խնդրած էր նախնական օգնութիւն ստանալ Հայսատան հասնելէ ետք: Տեղին կը համարենք յիշեցնել, որ Գալուստեաններու՝   Հայաստան գալու տոմսերը ապահոված է «Հալէպ» հայրենասիրական բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը, ինչպէս նաեւ այս օրերուն կարգադրութիւններ կը տեսնուին անոնց համար բնակարան մը ապահովելու իմաստով: Գալուստեան «Արեւելք»ին խօսելով ըսած էր, թէ իր երկու զաւակները մնացած են փուլ եկած առաստաղի սալիկներուն տակ, եւ անոնք փրկուած էին հրաշքով: Գոհարի ամուսինը նոյնպէս վիրաւորուած էր: Հայուհին «Արեւելք»ի ամպիոնէն կոչ ըրած էր օգնել բոլոր այն հայորդիներուն, որոնք վճռած են Հալէպէն դուրս գալ: Ան բառացիօրէն ըսած է. «Մենք շատ բաներէ անցանք եւ վեց տարիէ ի վեր կը տառապինք Հալէպի մէջ: Տուն տեղ ունէինք եւ փլատակ դարձաւ եւ ատկէ ետք մեր վիճակն այսօր անտանելի է ու ատոր համար ալ որոշեցինք դուրս գալ եւ հայրենիք վերադառնալ: Ես կը կարծեմ, որ ամբողջ հալէպահայութիւնը դուրս պէտք է գայ այս քաղաքէն» ըսած է Գոհար Գալուստեան: