Յունիս 3-ին Ավտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչուող հարցեր, ինչի շրջանակներուն մէջ ԱԽ քարտուղարը բարձր գնահատած է ԵՄ-ի դերակատարութիւնը:
Կողմերը յատուկ անդրադարձ կատարած են առկայ մարդասիրական խնդիրներուն, մասնաւորապէս` հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու հայրենադարձման խնդիրին: