image

Գրիգորեան եւ Քլաար կը քննարկեն հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ գերիներու վերադարձի հարցերը

Գրիգորեան եւ Քլաար կը քննարկեն հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ գերիներու վերադարձի հարցերը

Յունիս 3-ին Ավտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչուող հարցեր, ինչի շրջանակներուն մէջ ԱԽ քարտուղարը բարձր գնահատած է ԵՄ-ի դերակատարութիւնը:

Կողմերը յատուկ անդրադարձ կատարած են առկայ մարդասիրական խնդիրներուն, մասնաւորապէս` հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու հայրենադարձման խնդիրին: