image

Գնալը կղզի. Երջնկ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի անուան մարմնամարզական փառատօնը մեծ ոգեւորութիւն տարածեց

Գնալը կղզի. Երջնկ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի անուան մարմնամարզական փառատօնը  մեծ ոգեւորութիւն տարածեց

Գնալըի Կղզիին մէջ, օրերս, տեղի ունեցած է համայնքային աւանդական ամրան մարզական փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Այս աւանդական ծրագիրը ձօնուած էր Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յիշատակին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ։

Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի Անուան Մարմնամարզական փառատօնը, 25 Յուլիս 2025, Ուրբաթ, երեկոյեան Գնալը Կղզիի մէջ մեծ ոգեւորութեամբ եզրափակուեցաւ։

Հրամանաւ ու օրհնութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կազմակերպուած փառատօնը սկսած էր 21 Յուլիսին եւ չորս օր յետոյ արդէն իսկ կը հասնէր իր աւարտին, համախմբելով բազմաթիւ պատանիներ։

Հանդիսութեան նախագահեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, իր կողքին ունենալով Իշխանաց Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։ Ներկայ էին նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, Կազդուրման Կայանի, Շիշլի Մարմնամարզական Միութեան եւ Ներսէսեան Դպրաց Դասու վարիչներ ու անդամներ, ինչպէս նաեւ խաղերու մասնակից մանուկներն ու ծնողներ։ 

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ ժամը 21.00-ին, երբ Պատրիարք Հայրը, մուտք գործեց կայանի պարտէզէն ներս։ Ապա, բոլոր ներկաները միասնաբար արտասանեցին Տէրունական Աղօթքը, որմէ յետոյ սփռուեցաւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի սիրելի «Նախ Խնդրեցէք» երգը։ 

Բացման խօսքը արտասանեց Տ. Յարութիւն Վարդապետը եւ ողջունեց Պատրիարք Հօր, ինչպէս նաեւ տարբեր տարիքներէ մարզիկներն ու իրենց ընտանիքները։ Հայր Սուրբը, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Մեր Հոգեւոր Պետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ փակման արարողութեան անձամբ ներկայ կը գտնուէր։ Այս առթիւ շեշտեց, որ այս փառատօնը ունէր մէկ նպատակ, որ է եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ համախմբել համայնքիս զաւակները եւ առիթ ստեղծել միասնաբար մրցակցելու եւ հաճելի պահեր անցընելու։

Այնուհետեւ, Հայր Սուրբը յանձնեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, Կազդուրման Կայանի, Շիշլի Մարմնամարզական Միութեան եւ Ներսէսեան Դպրաց Դասու ուղղեալ շնորհաւորագրերը, յիշեցնելով, թէ իրենց համագործակցութեամբ յաջողած էր այս տարուան ծրագիրը եւս։ 

Բաց աստի շնորհաւորագրեր յանձնուեցան բոլոր երախտաւորներուն, որոնք իրենց ներդրումը բերած էին փառատօնի մրցումներուն կանոնաւոր ձեւով ընթանալուն։ Այս շրջագիծով, Պատրիարք Հօր ձեռամբ յուշանուէր եւ շնորհաւորագիր յանձնուեցաւ Ռաֆֆի Քալքին, որ Հայր Սուրբին հետ միատեղ գլխաւորած էր խաղերուն եւ կազմակերպչական աշխատութիւններուն։ 

Մեր Հոգեւոր Պետը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն եւ ուրախութիւնը յայտնեց, տեսնելով տասնեակ մանուկներու եւ իրենց ընտանիքներուն ներկայութիւնը։ Յայտնի էր, թէ լուրջ աշխատութեան մը արդիւնքն էր այս մէկը եւ այս առթիւ յատուկ ձեւով գնահատեց Կղզեաց Տ. Յարութիւն Վարդապետի առաջնորդութիւնը եւ իր ուղղութիւններով համախմբուած բոլոր կամաւորները։ Պատրիարք Հայրը ըսաւ, որ Մեսրոպ Պատրիարքը եղած է շատերուն վարդապետը, ուսուցիչը, որոնք այսօր որպէս եկեղեցական եւ կամ ընտանիքի հայր ու մայր կը շարունակեն համայանքային կեանքին։ Առհասարակ, իր անուան ձօնուած այս խաղերը, մեզի կուգան յիշեցնելու որ իր վախճանումէն յետոյ եւս կը յիշատակուի յատկապէս Գնալը Կղզիի բարձունքին, քանի այստեղ ծառայած է եւ իր ծառայութեան արդիւնքը դարձած է օրհնութիւն շրջանէն ներս։

Սրտի խօսքերէն ետք, մեծ ոգեւորութեամբ գործադրուեցաւ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը։ Խումբ առ խումբ բեմ հրաւիրուեցան վոլէյպոլի, պասքէթպոլի, սեղանի թէնիսի, ճատրակի, ոտնագնդակի մարզերու աստիճանակիրներն ու դափնեկիրները։ Մեր Հոգեւոր Պետը նուիրեց ոտնագնդակի մարզէ ներս աստիճան ստացած պատանիներու մրցանակները։