image
Հրատապ լուրեր:

Միքայէլ Սրբազանը կրկին վիրահատած են

Միքայէլ Սրբազանը կրկին վիրահատած են

Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը կրկին վիրահատած են։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Իզմիրլեան» հիւանդանոցի տնօրէն Արմէն Չարչեանը։

Ինչպէս յայտնի է, Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանն առաջին անգամ վիրահատուած էր 26 դեկտեմբեր 2025-ին։

«Այս անգամ վիրահատութիւնը ուրալոգիական բնոյթի է եղել։ Վիրահատութիւնը բարեյաջող է անցել, նոր ենք վերջացրել։ Ամէն ինչ լաւ է»,-ըսած է Չարչեանը։

Անոր խօսքով` Միքայէլ Սրբազանին առնուազն 2 շաբաթ վերականգնողական բուժում պէտք է։

Յիշեցնենք` Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի նկատմամբ քրէական գործ յարուցուած է իշխանութիւնը զաւթելուն, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուն, ինքնիշխանութենէն հրաժարելուն կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչերու յօդուածով։ Ան կալանաւորուած է յունիս 28-ին։

Հոկտեմբեր 3-ին առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Արմինէ Մելիքսէթեանը հրապարակած է Միքայէլ սրբազանի դատավճիռը. ան մեղաւոր ճանչցուած է եւ դատապարտուած 2 տարուան ազատազրկման։

Պաշտպանները նոյեմբեր 13-ին վերաքննիչ բողոք ներկայացուցած են առաջին ատեանի դատարանի դատաւոր Արմինէ Մելիքսէթեանի` հոկտեմբեր 3-ի դատավճիռի դէմ` խնդրելով ամբողջութեամբ բեկանել դատավճիռը, կայացնել նոր դատական որոշում՝ ճանչնալ եւ հռչակել գերաշնորհ Միքայէլ (Գէորգ) Արտաշէսի Աջապահեանի անմեղութիւնը։

Վերաքննիչ դատարանը փետրուար 6–ին սրբազանի խափանման միջոց կալանքը փոխարինած է տնային կալանքով։