Օրերս տեղի ունեցած է Ամերիկայի Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու հերթական համաժողովը Հայց. Առաքելական Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Արեւելեան թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
31 հոկտեմբերին, Ամերիկայի Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու առաջնորդները մէկտեղուեցան են Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ գումարելու Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու հերթական համաժողովը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեան ողջունած է քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականները, ապա հերթական համաժողովին նախագահ, Նիւ Եորքի եւ Նոր Անգլիոյ Ղպտի ուղղափառ թեմի Դաւիթ եպիսկոպոս իր խօսքը ուղղած է ժողովականներուն։
Առաջնորդ հայրերը քննարկած են Ս. Պատարագի վերջին միասնական արարողութիւնները եւ վերանայած ընթացիկ ծրագիրները, որոնք կ'ընդգրկեն կրթութիւն, երիտասարդներու ներգրաւում եւ համայնքային համերաշխութիւն քոյր եկեղեցիներու միջեւ:
Նշենք, որ Արեւելեան Ուղղափառ ընտանիքը կազմուած է հայկական, ղպտի, եթովպիական, Մալանքարա ասորական, ասորական եւ էրիթրիական եկեղեցիներէն:

