Վարչապետը «Գիւմրիի օր-2019» տօնական համերգի մեկնարկին յայտարարած է Գիւմրիի միամսեակ ու բոլորին հրաւիրած է Գիւմրի, նաեւ պաշտօնապէս յայտարարած է, որ այս տարի՝ 21 Սեպտեմբերին, անկախութեան միջոցառումներու կեդրոնը պիտի ըլլայ Գիւմրին։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է. «Այս տարի Գիւմրին պիտի ըլլայ Հայաստանի Անկախութեան օրուան` 21 սեպտեմբերի տօնակատարութիւններու կեդրոնը, այսինքն` 21 սեպտեմբերի գլխաւոր տօնակատարութիւնները տեղի պիտի ունենան Գիւմրի քաղաքին մէջ: Այսպիսով, մենք նոր աւանդութեան սկիզբ կը դնենք. այսպէս ամէն տարի մենք 21 սեպտեմբերը` Անկախութեան օրը, մարզէ մարզ պիտի տեղափոխուինք, եւ ատիկա պիտի սկսինք Գիւմրիէն»:
Հիւրերը ջերմօրէն ողջունած են վարչապետը։