Օրերս հանգամանաւոր կերպով տեղի ունեցած է Վատիկանի երկրորդ ժողովի 60-րդ ամեակի յոբելինական հանդիսութիւնը։
Միջոցառման իր մասնակցութիւնը բերած է Սուրբ Աթոռէն ներս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յատուկ պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան։
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ «Արեւելք»ին ուղարկուած թղթակցութիւնը։
11 հոկտեմբերի երեկոյեան Ս. Պետրոսի տաճարէն ներս հանդիսաւոր արարողութեամբ, որ նախագահեց Հռոմի Քահանայապետ՝ Ֆրանչիսկոս Պապը, յիշատակուեցաւ Յովհաննէս ԻԳ (XXIII-րդ) Պապի կողմէն, 1962 թուականի 11 հոկտեմբերին, Վատիկանի Բ. ժողովին բացումը։ Միջոցառման ներկայ էր նաեւ Սուրբ Աթոռի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան։
Իր ընդարձակ քարոզով Հռոմի Պապը կոչ ըրաւ վերագտնելու Վատիկանի Բ. Ժողովի էութիւնը եւ իմաստը։ Վերյիշելով երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պապի բացման արարողութեան ելոյթի խօսքերը՝ այն ուրախութեան մասին, որ պէտք է բնակի Եկեղեցւոյ մէջ, Ֆրանչիսկոս վերահաստատեց, որ Եկեղեցին «եթէ չ'ուրախանար, կ'ուրանայ ինքզինքը, որովհետեւ կը մոռնայ այս սէրը, որ այն ստեղծեց» ապա շարունակեց. «Յիսուսին սիրահարուած եկեղեցին ժամանակ չունի բախումներու, թունաւորումներու եւ հակասութիւններու համար: Աստուած ազատէ մեզ քննադատական եւ անհանդուրժող ըլլալէ, կոպիտ եւ զայրացած ըլլալէ: …Քանի որ, ով որ կը սիրէ, ինչպէս կը սորվեցնէ Պօղոս առաքեալը, ամէն ինչ կ'ընէ առանց տրտնջալու։ Տէ՛ր, սորվեցուր մեզի Քու վեհ հայեացքը, որ նայինք Եկեղեցիին այնպէս, ինչպէս Դուն այն կը տեսնես»: Քարոզի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը իր շնորհակալութիւնը ուղղեց արարողութեան մասնակցող Քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, ապա փառաբանութիւն մատուցեց Աստծոյ՝ Ժողովի պարգեւին համար։
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Վատիկանի Բ. ժողովը մեկնարկած էր Հռոմի Յովհաննէս ԻԳ Պապի գահակալութեան վերջին տարին եւ աւարտած 1965-ի 8 դեկտեմբերին, Պօղոս Զ. Պապի օրօք։
![]()
1963 թուականին Պօղոս Զ. Պապի հրաւէրով՝ Վատիկանի Բ. ժողովին մասնակցեցան երկուական ներկայացուցիչ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն։
Վատիկանի Բ. ժողովի ընթացքին հաստատուեցան շարք մը կարեւոր փաստաթուղթեր, անոնց կարգին՝ տարբեր Քրիստոնէական դաւանանքներու միասնութեան մասին Unitatis Redintegratio հրամանագիրը։ Վերջինիս մէջ ընդունուած հիմնակէտերուն եւ որոշումներուն շնորհիւ նոր էջ բացուեցաւ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն մէջ, որոնք այնուհետեւ լրիւ նոր զարգացում եւ որակ ստացան։
Անոր ապացոյցը եղաւ 1970-ի 8-12 մայիսին Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետի այցը Վատիկան՝ ուղեկցութեամբ Երուսաղէմի Պատրիարք Տ. Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի եւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարք Տ. Շնորհք Արք. Գալուստեանի։ Պատմական այդ այցի աւարտին ստորագրուեցաւ Համատեղ Յայտարարութիւն:
Այդ յայտարարութեան մէջ երկու գահակալները կը հրաւիրեն բոլոր քրիստոնեաները, յատկապէս Կաթողիկէ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու հետեւորդները, աւելի մեծ հաւատարմութեամբ արձագանգելու Սուրբ Հոգիի կոչին, յորդորելով աւելի խոր միասնութեան, այդպիսով կատարելով Փրկիչի կամքը եւ արդիւնաւէտ դարձնելով քրիստոնեաներուն կողմէ աշխարհին ծառայելը: