image

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց նախարարն Արարատի մարզին մէջ հանդիպած է ԼՂ-էն բռնի տեղահանուած անձանց հետ

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց նախարարն Արարատի մարզին մէջ հանդիպած է ԼՂ-էն բռնի տեղահանուած անձանց հետ

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոք Արարատի մարզի Արտաշատ խոշորացուած համայնքի Ոստան գիւղը հանդիպած է Լեռնային Ղարաբաղէն  բռնի տեղահանուած անձանց հետ։

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը հաղորդակցած է Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներուն հետ եւ ծանօթացած անոնց կեցութեան պայմաններուն։

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումէն յետոյ կայացած ասուլիսի ժամանակ յայտարարած էր, որ Գերմանիան 9.3 միլիոն եւրոյի մարդասիրական օգնութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին՝ որպէս աջակցութիւն Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձանց։

Մինչ այդ, Գերմանիոյ ԱԳ նախարարը ժամանած էր Արարատ մարզի Երասխ համայնք, ուր Եւրոպական Միութեան դիտորդները անոր ներկայացուցած էին իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանի այդ հատուածին։