image

Գերմանիան «ներողութիւն» խնդրեց Ատրպէճանէն. Պատճառը Արցախի դրօշի տեղադրումն էր նախագահի էջին 

Գերմանիան «ներողութիւն» խնդրեց Ատրպէճանէն. Պատճառը Արցախի դրօշի տեղադրումն էր նախագահի էջին 

Գերմանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Տիւորթէ Տինկեր ներողութիւն խնդրած է Ատրպէյճանէն՝ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի պաշտօնական ընկերային ցանցերու էջերուն մէջ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան դրօշի լուսանկարի հրապարակման եւ արցախցիներու թեմային անդրադարձի համար:

Այս մասին գրած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

«Լեռնային Ղարաբաղը միջազգային իրաւունքով կը պատկանի Ատրպէյճանին,  բայց այնտեղ հիմնական հայեր ապրած են»,- երէկուան հրապարակման մէջ գրած էր նախագահը՝ կցելով Արցախի պետական դրօշը:

Այժմ պաշտօնական Պեռլինը ներողութիւն խնդրած է Պաքուէն նախագահի պաշտօնական էջին մէջ «սխալ դրօշի» (բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան-Խմբ.) պատկերը հրապարակելու համար:

«Դաշնային նախագահի ընկերային ցանցերու էջերուն կարճ ժամանակով հրապարակուած է դրօշի սխալ պատկերը եւ ատոր կից գրառումը՝ կապուած Ատրպէյճանի շրջաններէն մէկու հետ։ Սխալը յայտնաբերելուն պէս համապատասխան հրապարակումն անմիջապէս ջնջուած է: Հրապարակումը եղած է տեխնիկական սխալի հետեւանքով եւ որեւէ նշանակութիւն չունի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ Գերմանիոյ յայտնի դիրքորոշման հետ: Ես շատ վրդոված եմ այդ սխալէն եւ կ՚ուզեմ անկեղծ ներողութիւն խնդրել այն սխալ տպաւորութեան համար, որ վերը նշուած հրապարակումը գործած է Ատրպէյճանի մէջ որոշ մարդոց վրայ: Դաշնային նախագահի յառաջիկայ այցը նպատակ ունի ամրապնդել ատրպէյճանա-գերմանական գործընկերութիւնը եւ աջակցիլ տարածաշրջանին մէջ ընթացող խաղաղութեան գործընթացին», -ըսուած է Տինկերի՝ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւին ուղղուած նամակին մէջ։