Գերմանիոյ կառավարութիւնը եւս մէկ անգամ կոչ ըրած է Լիբանան գտնուող Գերմանիոյ բոլոր քաղաքացիներուն լքելու երկիրը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մագլցումի սպառնալիքի պատճառով, յայտնած է գերմանական Bild թերթը:
Գերմանիոյ քաղաքացիութիւն ունեցող մօտ 1,300 մարդ կը գտնուի Լիբանանի մէջ, ըսած է ԱԳՆ ներկայացուցիչը։
«2023 թուականի հոկտեմբերէն մենք ունինք ճամբորդութեան նախազգուշացում եւ Լիբանանը լքելու հրամանը», -ըսած է խօսնակը:
Ան կոչ ըրած է բոլոր գերմանացիներուն օգտագործելու երկիրը լքելու դեռ առկայ հնարաւորութիւնները «եւ այդ անելու շտապ»։
Մինչդեռ երկրէն հեռանալու հնարաւորութիւններն իսկապէս կը նուազին։ Անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով՝ Lufthansa Group-ը (ներառեալ Swiss-ը, Lufthansa-ն եւ Eurowings-ը) դադրեցուցած է թռիչքները դէպի Պէյրութ մինչեւ երեքշաբթի՝ յուլիս 30-ը ներառեալ: Չեղարկուած է 5 յետադարձ թռիչք:
Նշենք, որ վերջին շրջանին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ռազմական գործողութիւններու մագլցումի վտանգ առաջացած է, որու լոսին տակ շարք մը պետութիւններ իրենց քաղաքացիներուն Լիբանանէմ հեռանալու կոչեր ըրած են: