ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի հարուածներուն հետեւանքով Իրանի 24 նահանգներու մէջ 201 անձ զոհուած է, իսկ 747-ը՝ վիրաւորուած։ Այս մասին կը հաղորդեն իրանական լրատուամիջոցները՝ յղում ընելով Կարմիր մահիկի կազմակերպութեան։
Ըստ The Associated Press գործակալութեան՝ ԱՄՆ զինուած ուժերը յայտնած են, որ Իրանի հարուածներուն հետեւանքով ամերիկեան կողմէն զոհեր չկան, եւ արձանագրուած է նուազագոյն վնաս։