image

Գեղարքունիքի մէջ կասեցուած են ԱԹՍ-ներու` ՀՀ օդային տարածք մուտք գործելու փորձերը

Գեղարքունիքի մէջ կասեցուած են ԱԹՍ-ներու` ՀՀ օդային տարածք մուտք գործելու փորձերը

29 Յուլիսին, ժամը 23:00-էն սկսած, ՀՀ ԶՈւ հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները կասեցուցած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ ԱԹՍ-ներու` ՀՀ օդային տարածք մուտք գործելու փորձեր: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ՊՆ-էն:

29 Յուլիսի երեկոյեան եւ 30 Յուլիսի ժամը 07:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանի ամբողջ երկարութեամբ յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ: