image
Հրատապ լուրեր:

Գեղարքունիքի մարզ. Կորսուած է 3 տարեկան երեխայ մը

Գեղարքունիքի մարզ. Կորսուած է 3 տարեկան երեխայ մը

27 Հոկտեմբերին Գեղարքունիքի մարին մէջ առեղծուածային դէպք մը տեղի ունեցած է։ Ժամը 18:00-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Փրկարար ծառայութան 911 ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնը ահազանգ ստացած է, որ Ճամբարակ խոշորացուած համայնքի Ծափաթաղ բնակավայրին մէջ 3 տարեկան երեխայ մը կորսուած է:

Փրկարարները, պարեկները, համայնքային ու քրէական ոստիկանները, կարելի է ըսել ողջ գիւղը Ծափաթաղ բնակավայրի եւ յարակից անտառային հատուածներուն մէջ որոնողական աշխատանքներ կը կատարեն, որ յայտնաբերեն 3-ամեայ տղան։ Ծնողները, երբ տեսած են, որ երեխան տան ու տան յարակից տարածքին մէջ չէ, ահազանգած են 911:

Որոնողական աշխատանքներուն կը մասնակցին նաեւ Շողակաթ, Արտանիշ գիւղերու բնակիչներ, կամաւորականներ՝ նաեւ Երեւանէն։

Որոնուող երեխան 3-ամեայ Տիգրան Օ.-ն է։
Յիշեցնենք, որ Գեղարքունիքի մարզի Ծափաթաղ գիւղի բնակիչ 2022 թուականին ծնած Տիգրան Օվանեսովը ժամը 16:30-ի սահմաններուն կորսուած է։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած էր ՆԳՆ ոստիկանութիւնը։

ՆԳՆ Ոստիկանութիւնը եւ Փրկարար ծառայութիւնը կը ձեռնարկեն որոնողական ծաւալուն աշխատանքներ։

Երեխայի գտնուելու վայրին վերաբերեալ տեղեկութիւն ունեցողներէն կը խնդրուի անմիջապէս դիմել Ոստիկանութեան մօտակայ բաժին, զանգել 1-02 կամ 911,-կ'ըսուի յայտարարութեան մէջ։