image

Գանատայի մէջ. Հայազգի յաջողակ բժիշկին նոր պաշտօն

 Գանատայի մէջ. Հայազգի յաջողակ  բժիշկին նոր պաշտօն

Գանատայի մէջ  տեղւոյն միազաբաններու (ուրոլոկներու) ընկերակցութեան (CUA) նախագահ նշանակուած է բժիշկ Արմէն Ափրիքեան։

 

 Այս մասին լուրը  տուած է  Գանատայի մեր պաշտօնակից «Հորիզոն»ը։ 

 

 Հանրահայտ   բժիշկը  կամաւորական հիմունքներով բազմաթիւ պաշտօններ վարած է ընկերակցութեան գործադիր խորհուրդին մէջ, այդ շարքին՝ ղեկավար պաշտօններ: Ան ներկայացուցած է Քէպեքի միզաբաններու անդամութիւնը Խորհուրդին մէջ, եւ նախագահած է CUA-ի տարեկան ժողովի գիտական ծրագրի կոմիտէն, երկու անգամ՝ 2003 եւ 2011 թուականներուն, որոնք կայացած էին Մոնթրէալի մէջ:

 Ան նաեւ իր ներդրումը ունեցած է Գանատայի միազաբաններու (ուրոլոկներու) ընկերակցութեան ամսագրին մէջ (CUAJ)՝ որպէս բաժնի խմբագիր, իսկ  2008-2009 թուականներուն՝ որպէս ժամանակաւոր գլխաւոր խմբագիր:

 Կը նշուի  նաեւ ,իոր  հայազգի բժիշկը  յառաջիկայ  տարի 2023-ին  որպէս նախագահ, պիտի հիւրընկալէ CUA-ի 78-րդ տարեկան ժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ Մոնթրէալի մէջ: Այս ծիրէն ներս մէկ յարկի տակ պիտի համախմբուին մօտ 1000 գանատացի եւ օտար միզաբաններ՝ մասնկցելու գիտական համագումարի, որ հաստատուած է խթանելու համար գանատացիներու միզաբանական խնամքի մակարդակի բարձրացումը եւ  միզաբանութեան գիտութեան զարգացումը: