Գանատայի մէջ տեղւոյն միազաբաններու (ուրոլոկներու) ընկերակցութեան (CUA) նախագահ նշանակուած է բժիշկ Արմէն Ափրիքեան։
Այս մասին լուրը տուած է Գանատայի մեր պաշտօնակից «Հորիզոն»ը։
Հանրահայտ բժիշկը կամաւորական հիմունքներով բազմաթիւ պաշտօններ վարած է ընկերակցութեան գործադիր խորհուրդին մէջ, այդ շարքին՝ ղեկավար պաշտօններ: Ան ներկայացուցած է Քէպեքի միզաբաններու անդամութիւնը Խորհուրդին մէջ, եւ նախագահած է CUA-ի տարեկան ժողովի գիտական ծրագրի կոմիտէն, երկու անգամ՝ 2003 եւ 2011 թուականներուն, որոնք կայացած էին Մոնթրէալի մէջ:
Ան նաեւ իր ներդրումը ունեցած է Գանատայի միազաբաններու (ուրոլոկներու) ընկերակցութեան ամսագրին մէջ (CUAJ)՝ որպէս բաժնի խմբագիր, իսկ 2008-2009 թուականներուն՝ որպէս ժամանակաւոր գլխաւոր խմբագիր:
Կը նշուի նաեւ ,իոր հայազգի բժիշկը յառաջիկայ տարի 2023-ին որպէս նախագահ, պիտի հիւրընկալէ CUA-ի 78-րդ տարեկան ժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ Մոնթրէալի մէջ: Այս ծիրէն ներս մէկ յարկի տակ պիտի համախմբուին մօտ 1000 գանատացի եւ օտար միզաբաններ՝ մասնկցելու գիտական համագումարի, որ հաստատուած է խթանելու համար գանատացիներու միզաբանական խնամքի մակարդակի բարձրացումը եւ միզաբանութեան գիտութեան զարգացումը: