Գանատայէն տխուր լուր ստացանք։ Մահացած է արմատներով Լիբանանէն եւ երկար տարիներէ ի վեր Գանատա հաստատուած ՝ Միսաք Նաճարեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
Այս առթիւ թերթիս առաքուեցաւ հակիրճ կենսագրական մը իր շրջապատին մէջ յարգուած ու սիրուած նուիրեալ անձնաւորութիւն հանդիսացող ՝Միսաք Նաճարեանին մասին, որ կը ներկայացնենք ստորեւ ՝
Միսաք Նաճարեան ծնած է 12 Յունուար, 1957-ին Լիբանան։
Ունեցած է ազգային բեղուն գործունէութիւն։
Կանուխ տարիքէն անդամակցած է ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն։
Ապա՝ ՀՅԴ կուսակցական շարքերուն, Գանատա, Թորոնթոյի եւ Սէյնթ Քէթրինզի շրջաններէն ներս։
Ամուսնացած էր Սանտրա Յակոբեանի հետ, զորս կորսնցուցած էր տասը տարիներ առաջ։
Ունէր 6 զաւակներ։
Մահկանացուն կնքեց 13, Յուլիս 2022-֊ին Սէյնթ Քէթրինզի մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։
Մեր ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի բոլոր պարագաներուն եւ մասնաւորապէս թերթիս բարեկամ ՝ Տէր եւ Տիկին Գէորգ եւ Սիւզան Նաճարեաններուն։