image

Գանատան կը կալանաւորէ Նաթանիահուն, եթէ ան այցելէ մեր երկիր. Ժոլի

Գանատան կը կալանաւորէ Նաթանիահուն, եթէ ան այցելէ մեր երկիր. Ժոլի

Գանատան պիտի կատարէ Միջազգային քրէական դատարանի որոշումը եւ կալանաւորէ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն, եթէ ան այցելէ մեր երկիր՝ յայտարարած է Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի:

«Գանատան Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր երկիրներէն է։ Մենք միշտ հաւատացած եղած ենք ոչ միայն միջազգային իրաւունքի կարեւորութեան, այլեւ բոլորի կողմէ այն միշտ պահպանելու պարտաւորութեան: Միեւնոյն ժամանակ, այնտեղ հասնելու համար աշխարհի մէջ հաշուետուողականութիւն պէտք է։ Հիմք ընդունելով այդ՝ Գանատան հաւատարիմ կը մնայ իր պարտաւորութիւններուն՝ համաձայն Հռոմի կանոնադրութեան»,- ըսած է նախարարը։

Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է նաեւ Իրլանտայի վարչապետ Սայմոն Հարիս՝ նոյնպէս ընդգծելով, որ երկիրը պիտի ձերբակալէ Իսրայէլի վարչապետը, եթէ վերջինս այցելէ իր երկիրը: