image

Գանատահայ Երիտասարդ Մանօ Հալլաճեանի մահը

Գանատահայ Երիտասարդ Մանօ Հալլաճեանի մահը

Տխուր կորուստով մը Թորոնթոյի  մէջ իր մահկանացուն կնքած է բնիկ հալէպահայ երիտասարդ Մանօ Հալլաճեանը։

Այս մասին իմացանք հանգուցեալի հարազատներէն։

«Արեւելք»ին յղուած կարճ մահագրութեան մէջ մասնաւորապէս կ՚ըսուի ՝ Վաղամեռիկ Մանօ Հալլաճեանը ծնած էր Հալէպ: 2 տարեկան հասակին կը փոխադրուի Գանատա:

Կը յաճախէ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը: Աչքառու աշակերտ ըլլալով աւելի բարձր դասարան կը տեղադրեն զինք, համեմատած իր տարիքի ընկերներուն հետ:

Իր հետաքրքրութիւնները առաւելաբար եղած են մարզական աշխարհը՝ մանաւանդ Պասքէթպօլը: 

Ան նաեւ յատուկ սէր տածած է արեւմտեան տիպի երաժշտութեան:

Ան կնքեց իր մահկանացուն սրտի տագնապի պատճառաւ՝36 տարեկանին:

 

 Մեր ցաւակցութիւնները հանգուցեալի հարազատներուն եւ մասնաւորապէս վերջին տարիներուն Գանատա փոխադրուած ազգային գործիչ՝ Ժան Հալլաճեանին