image

Գահիրէի մօտ Հայաստանի ընթացաւարտ դեսպան Կարէն Գրիգորեանի պարգեւատրումը

Գահիրէի մօտ Հայաստանի ընթացաւարտ  դեսպան Կարէն Գրիգորեանի   պարգեւատրումը

«Եգիպտոսը իմ երկրորդ   հայրենիքս  է եւ պիտի շարունակեմ կապի մէջ մնալ ու ամրապնդել յարաբերութիւններս Եգիպտոսի ժողովուրդին հետ». Կարէն Գրիգորեան

Գահիրէի մօտ Հայաստանի դեսպան՝ Կարէն Գրիգորեան պարգեւատրուած է Եգիպտոսի  Արտասահմանեան հարցերու նախարարութեան կողմէ իր ցուցաբերած աջակցութեան «Մենք Եգիպտահայեր ենք» նախաձեռնութեան գործունէութեան ծիրէն ներս: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն:

Նշենք, որ այս պարգեւատրումը տեղի ունեցած է դեսպանի պաշտօնավարման աւարտին առընթեր եւ  դեսպան Գրիգորեան ընդունուած է 

Եգիպտոսի Արտասահմանեան հարցերու  պետական նախարար՝ Նապիլէ Մաքրամին կողմէ, որ  շատ բարձր  գնահատած է Կարէն Գրիգորեանի  գործունէութիւնը  եւ  շնորհակալութիւն յայտնած  վերջինիս   ունեցած  կարեւոր դերին համար։ 

Նախարար՝ Նապիլէ Մաքրամ մատնանշած է, թէ հայերը որքան մեծ ներդրում ունեցած են  արդին Եգիպտոսի կերտման  մէջ  եւ թէ մինչեւ այսօր կը նպաստեն հայ-եգիպտական յարաբերութիւներու զարգացման: Ան  ըսած է, հայերու մասնակցութիւնը «Արժանապատիւ Կեանք» նախագիծին, որ տեղի ունեցած էր Յուլիսի կէսերուն Գահիրէի մարզադաշտին մէջ ներկայութեամբ երկրի նախագահ՝ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի: Նախարարը մասնաւորապէս ըսած է,- «Եգիպտահայերը Եգիպտոսի հասարակութեան անբաժանելի մասնիկն են: Անոնց բերած մասնակցութիւնը «Արժանապատիւ Կեանք»ի տօնակատարութեան արդիւնաւէտ էր ու զգալի»:

Նախարար Մաքրամ նաեւ գնահատած է հայերու ջանքերը ի նպաստ Եգիպտոսին անդրադառնալով անոնց նուիրատաուութիւններուն ի հաշիւ «Ապրի Եգիպտոսը» ֆոնտին, որուն նպատակն է օժանդակել «Քորոնա» համաճարակի հետեւանքով անգործ մնացողներուն:

Իր հերթին դեսպան Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարին եւ ըսած թէ  «Եգիպտոսը իմ երկրորդ երկիրս է եւ պիտի շարունակեմ կապի մէջ մնալ ու ամրապնդել յարաբերութիւններս Եգիպտոսի ժողովուրդին հետ», ապա հրաւիրած  է  զինք Հայաստան: 

Հանդիպման աւարտին նախարար Նապիլա Մաքրամ պարգեւատրած է դեսպան Գրիգորեանը առ ի գնահատանք անոր տարած աշխատանքներուն Գահիրէի մէջ պաշտօնավարման շրջանին: 

Նիւթը  Եգիպտոսի Հայ Դատի  Յանձնախումբի   Դիմատետրի էջէն.