image

Գահիրէ արժանի կերպով նշած է Վան Լէոյի ծննդեան 100-ամեակը

Գահիրէ արժանի կերպով նշած է Վան Լէոյի  ծննդեան 100-ամեակը

 Վան Լէօ, իսկական անունով Լեւոն Ալեքսանդր Պոյաճեան, ծնած է Պոլիս, ընտանիքին հետ գաղթած Եգիպտոս 20-ական թուականներու կէսերուն: Ուսանած է Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանը, բայց անաւարտ ձգած, որովհետեւ տարուած եղած է լուսանկարչութեամբ:

Եգիպտահայ լուսանկարիչ Վան Լէոյի (Ծն. 20 Նոյեմբեր 1921-ին)  ծննդեան 100-ամեակին  առթիւ Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանը կազմակերպած է ցուցահանդէս Ազատութեան մշակութային կեդրոնին մէջ: Ցուցահանդէսին, որ պիտի տեւէ մինչեւ 20 Փետրուար, կը ցուցադրուին Վան Լէոյի սեփական իրերը, ինչպէս օրինակ իր   արուեստանոցին  մէջ օգտագործած փայտեայ աստիճանները, իր գրասեղանը, լուսանկարչական գործիքները եւ այլն: 

Աղբիւրը նշած է թէ Վան Լէօ իր եղբօրը՝ Անժելոյին հետ հիմնած է Գահիրէի ամենահին «սթիւտիօ»ներէն մին 40-ական թուականներուն ու աշխատած է այնտեղ մօտաւորապէս 60 տարի:

Լուսանկարիչի կեանքին մասին շարժանկար պատրաստած է լիբանանցի բեմադրիչ՝ Աքրամ Զաաթարի 1980-ին «Հուա + Հիա, Վան Լէօ» խորագիրով, ուր բացի կենսագրութենէն,  ներկայացուած է անոր աշխատելաձեւը, եւ թէ ինչպիսի փորձեր ըրած է իր դիմանկարներուն վրայ: 

Վան Լէօ, իսկական անունով Լեւոն Ալեքսանդր Պոյաճեան, ծնած է Պոլիս, ընտանիքին հետ գաղթած Եգիպտոս 20-ական թուականներու կէսերուն: Ուսանած է Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանը, բայց անաւարտ ձգած, որովհետեւ տարուած եղած է լուսանկարչութեամբ:

Կը նշուի,  որ   տաղանդաւոր Լէօ ունէր իւրայատուկ ոճ մանաւանդ սեւ-սպիտակ  նկարներ մշակելու մէջ,  եւ ան համարուած է 1950-ականներու Եգիպտոսի հանրաճանաչ արուեստագէտներէն մին։

Ան համարուած է  նախընտրելի լուսանկարիչը այդ շրջանի քաղաքական ու մշակութային յայտնի դէմքերուն:

Վան Լէոյի նուիրուած ցուցահանդէսին, ցուցադրուած են շատ մը գործեր, որոնցմէ մաս մը առաջին անգամ կը ներկայացուին արուեստասէր հասարակութեան։ Այնտեղ կան լուսանկարներ դերասան եւ դերասանուհիներու, անուանի մտաւորականներու, ինչպէս Թահա Հիւսէյնի, Մուհամմէտ Ապտ Ալ Ուահապի, Օմար Շարիֆի, Ֆաթէն Համամէի, Ֆարիտ Աթրաշի, Տալիտայի, եւ ուրիշներու:

Նաեւ ցուցադրուած են արուեստագէտի դիմանկարները նկարահանուած իր կամ իր ընկերներուն կողմէ: Կան նաեւ թերթեր ու ամսագիրներ եւ արուեստագէտի ձեռամբ   պատրաստուած  բացիկներ։: Բացի յայտնիներէն  Վան Լէօն   նաեւ  լուսանկարած է եգիպտական հասարակութեան տարբեր խաւերու ներկայացուցիչներ,  ու նաեւ անոր ուշադրութիւնէն չեն վրիպած  Գահիրէի  տեսարժան հիմնական  վայրերը: 

Կը նշուի,  որ Վան Լէօ ժառանգորդ չունենալուն պատճառով  իր բոլոր սեփական իրերն ու գործերը  նուիրած է Ամերիկեան Համալսարանին, որ նաեւ  գլխաւոր  նախաձեռնողը կը համարուի  օրերս  ընթացող    այս ուշագրաւ  ցուցահանդէսին։ 

 

Նիւթը ՝ «Ալ Արապի» կայքէն։

 

«Արեւելք»ի համար  պատրաստեց ՝ Թ.Գ.