image

Ֆրանսայի մէջ նոր սքանտալ. Լիբանանի դեսպանը կրնայ վտարուիլ

 Ֆրանսայի մէջ նոր սքանտալ. Լիբանանի դեսպանը կրնայ վտարուիլ

Լիբանանեան ԶԼՄ-ներ օրերս մեծ թափով կը գրեն Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Ատուանի «արկածներ»ուն մասին, որոնց հետեւանքով ալ վերջինս կրնայ զրկուիլ իր պաշտօնէն եւ նոյնիսկ Ֆրանսայէն վտարուիլ։

 

Մանրամասնութիւններուն մէջ կը նշուի, որ ըստ ֆրանսական «Մէտիաբարդ» կայանին Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Ատուան ներգրաւուած է սեռային ոտնձգութեան կարգ մը խնդիրներու մէջ, որոնց պատճառով ալ ան կրնայ զրկուիլ իր պաշտօնէն ու նաեւ արտաքսուիլ այդ երկրէն։

Ատուանի փաստաբանը հերքած է այս մեղադրանքները, իսկ «Մէտիաբորդ» հրապարակած է երկու հարցազրոյցներ այն կանանց հետ, որոնք «զոհ» գացած են Ատուանի սեռային բնոյթի ոտնձգութիւններուն։

 

 Հարց է նաեւ, թէ ինչ վախճան պիտի ունենայ լիբանանցի դիւանագէտը, մանաւանդ որ ան ունի «դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն» մը