Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան իր X-ի էջին գրած է Հայաստանի կողմէ Հռոմի կարգավիճակի վաւերացման մասին:
«Երեւանէն կ'ողջունեմ Հայաստանի խորհրդարանի որոշումը՝ վաւերացնել Հռոմի կանոնադրութիւնը եւ ատով իսկ թոյլ տալ, որ Հայաստանը դառնայ միջազգային քրէական դատարանի մասնակից պետութիւն:
Յանցագործութիւններու անպատժելիութեան դէմ պայքարը խաղաղութեան եւ կայունութեան պայմաններէն մէկն է»,- գրած է ան։