Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնն անդրադարձած է 16 յուլիսին Թիֆլիսի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ կայացած հանդիպման:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, Ֆրանսայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն, մասնաւորապէս, յայտնած են. «Ֆրանսան կ'ողջունէ այս հանդիպումը, քանի որ մենք վճռական ենք՝ խթանելու Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան: Ֆրանսան կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ շփումներու շարունակման, որպէսզի այդ երկիրները բարենպաստ միջավայր ստեղծեն յարաբերութիւններու կարգաւորման համար»: