Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարօ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է ճնշում գործադրէ Իսրայէլի վրայ՝ Լիբանանի մէջ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու նպատակով։
Franceinfo-ին տուած հարցազրոյցին Պարօ նշած է, որ Ֆրանսան կը շարունակէ աշխատանք տանիլ միջազգային համաժողով կազմակերպելու ուղղութեամբ՝ Լիբանանեան բանակին աջակցութիւնը համախմբելու համար։
Անոր յայտարարութիւնը հնչած է այն ժամանակ, երբ իսրայէլի զինուած ուժերը յայտնած են, որ կը շարունակեն հարուածներ հասցնել Հարաւային Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա»-ի զինեալներուն եւ ենթակառուցուածքներուն՝ հակառակ ԱՄՆ–Իրան փոխըմբռնման յուշագիրին մէջ նշուած հրադադարի կոչերուն։
Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ըսած է, որ Ֆրանսան պիտի չաջակցի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցներու չեղարկման, եթէ չհամոզուի, որ Թեհրանի միջուկային ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները կը համապատասխանեն իր սպասումներուն։