image

Ֆիզիքապէս շեղուածը Եպիսկոպոսի պաշտօն ստացած է

Ֆիզիքապէս շեղուածը Եպիսկոպոսի պաշտօն ստացած է

Միացեալ Նահանգներու մէջ Աւետարանական-լիւթերական եկեղեցին առաջին անգամ ֆիզիքապէս շեղուած անձը եպիսկոպոս նշանակած է: Նշանակման մասին յայտնի դարձած էր Մայիսին, սակայն այժմ Մեկան Ռորըրը պաշտօնապէս ստանձնած է պաշտօնը, յայտնած է Sky News-ը:

Ռորըրն ընտրուած է վեց տարի ժամկէտով: Անոր ենթակայութեան տակ անցած է Քալիֆորնիոյ եւ Նեւատայի շուրջ 200 վանական համայնք: Իր անձի նկատմամբ հոգեւորականը կը խնդրէ օգտագործել «անոնք» դերանունը:

Եպիսկոպոս Ռորըրը, որ ամուսնացած է եւ ունի երկու երեխայ, դարձած է այն եօթ հովիւներէն մէկը, որ ընդունուած է Աւետարանական-լիւթերական եկեղեցւոյ կողմէ 2010 թուականին, երբ այն թոյլատրած է նոյնասեռ յարաբերութիւններու մէջ գտնուող հոգեւորականներու ձեռնադրումը: