image

Եւրոպական Միութեան Ատրպէյճանի ներկայացուցիչը կանչուած է՝ Պաքուի Արտաքին Գործոց նախարարութիւն

Եւրոպական Միութեան Ատրպէյճանի ներկայացուցիչը կանչուած է՝ Պաքուի Արտաքին Գործոց նախարարութիւն

Փետրուար 12-ին Ատրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) դեսպան Փեթեր Միխալքօն կանուած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւն։

Այս մասին յայտնած է Report-ը՝ յղում ընելով Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան։

Հանդիպման ընթացքին լուրջ մտահոգութիւն արտայայտուած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութեան (EUMA) գործունէութեան վերաբերեալ, որ, ըստ Պաքուի, «կը հակասէ այս առաքելութեան եւ անոր գործունէութեան վերաբերեալ նախնական պայմանաւորուածութիւններուն»։

Նշուած է, որ ի տարբերութիւն տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վստահութեան հաստատման յայտարարուած նպատակներու, «առաքելութիւնը լայնօրէն կ՚օգտագործուի որպէս հակաատրպէյճանական քարոզչութեան գործիք»։

Եւրոպական Միութեան դեսպանի ուշադրութեան ներկայացուած է, որ առաքելութիւնը դարձած է «հեռադիտակային դիւանագիտութեան գործակալ»՝ նպաստելով տարբեր եւրոպացի պաշտօնեաներու եւ ոչ պաշտօնական պատուիրակութիւններու այցերուն սահմանամերձ շրջաններ։