image

Եւրոպա կ՚ողջունէ հայ-թրքական բանակցութեանց մեկնարկը

Եւրոպա  կ՚ողջունէ հայ-թրքական  բանակցութեանց  մեկնարկը

Եւրոմիութիւնը կ'ողջունէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւններու մեկնարկը: Այս մասին յայտարարած է Հարաւային Կովկասի մէջ ԵՄ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը:

«Կ'ողջունեմ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու միջեւ կայանալիք հանդիպման մասին լուրը: Յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ հաղորդակցութիւններու բացումը կարեւոր հարց է, որուն ԵՄ-ն լիովին կ'աջակցի», իր թուիթըրեան էջով գրած է Քլաար: