image

Եւրոմիութիւնը պէտք է ընդլայնուի, այլապէս «երկաթեայ վարագոյր» կ՚առաջանայ. Միշել

Եւրոմիութիւնը պէտք է ընդլայնուի, այլապէս «երկաթեայ վարագոյր» կ՚առաջանայ. Միշել

Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շառլ Միշել ըսած է, որ նոր անդամներու ընդունումը «կենսական նշանակութիւն ունի» եւրոպական համայնքի համար եւ կոչ ըրած է «չվախնալու» Ուքրանիոյ Եւրոպային միանալէն։ Այս մասին գրած է euronews.com-ը:

«Ընդլայնումը կենսական նշանակութիւն ունի Եւրոպական Միութեան ապագայի համար, քանի որ առանց ընդլայնման նոր երկաթեայ վարագոյրի վտանգ կ՚ըլլայ», - լրագրողներուն տուած հարցազրոյցին ըսած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելը։

«Չափազանց վտանգաւոր կ՚ըլլայ ունենալ անկայուն, ոչ բաւականաչափ բարեկեցիկ, տնտեսական զարգացում չունեցող հարեւաններ: Ե՛ւ թեկնածու երկիրներու, ե՛ւ Եւրոմիութեան շահերէն կը բխի առաջընթացի հասնիլն ու այն արագցնելը»,- աւելցուցած է ան:

Ըստ Միշելի, եթէ 20 տարի առաջ տասը նոր անդամ, այդ շարքին՝ եօթ նախկին խորհրդային հանրապետութիւն եւ արբանեակ պետութիւն չմիանար Եւրոմիութեան, ապա Միութիւնը եւ չմիաւորուած երկիրները «փաստացի կը բաժնուէին իրարմէ երկաթեայ վարագոյրով», իսկ արեւելեան երկիրները կը դառնային Քրեմլի «քաղաքական» ու անոնց տիրանալու գաղափարական փորձերու թիրախը: