image

Կանգ առնել, այլապէս այս ճանապարհը մեզի անդունդ պիտի տանի. Երուսաղէմի հայոց պատրիարք

Կանգ առնել, այլապէս այս ճանապարհը մեզի անդունդ պիտի տանի. Երուսաղէմի հայոց պատրիարք

Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տէր Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանը յայտարարութիւն տարածած է՝ դատապարտելով Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի մէջ Հայաստանի ԱԱԾ-ի եւ իրաւապահներու գործողութիւնները եւ զօրակցութիւնը յայտնելով Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ին։

«Խոր ցաւով եւ մտահոգութեամբ տեղեկացանք Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, ապա Վեհարանի տարածք խուժելու եւ հոն անդէպ իրավիճակ առաջացնելու մասին: Չէինք կարծէր, թէ հարցը ի վերջոյ հոդ կը հասնի, սակայն իրականութիւնը կարծէք պայթեցաւ յանկարծ, ռումբի մը չափ ուժգին եւ ցնցիչ սաստկութեամբ:

Կացութիւնը անդառնալի վիճակի մը հասած է, սակայն կոչ կ’ընենք անյապաղ երկուստեք նահանջել, գէթ կանգ առնել այն կէտին՝ ուր մեզ հասցուցած են վերջին դէպքերը։ Եւ կանգ առնել՝ հանդարտութեամբ եւ խաղաղութեամբ, առանց նոր լարուածութիւն ստեղծելու, սթափ եւ զուսպ հոգիով, այլապէս այս ճանապարհը, եթէ շարունակուի, մեզի անդունդ պիտի տանի։ Ուստի պէտք է խնայել թէ՛ Ազգը, եւ թէ՛ Եկեղեցին՝ խուսափելու համար նոր եւ աւելի ծանր աղէտներէ, Եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդի մէջ նոր բաժանումներ եւ պառակտումներ ստեղծելու վտանգէն։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը աղօթարան ու սրբարան է, «կերպարանք Աստուծոյ անքանակ էութեան», ինչպէս պիտի ըսէր Նարեկացի։ Ան դարերով Հայուն պետականութիւնը եղած է, առանց պետական իրաւունքի, առանց զօրքի եւ ոստիկանի, բարոյապէս թագաւորելով մարմնապէս հալածուած եւ ընկճուած հոգիներու վրայ, իր ազդեցութեան շրջանակին մէջ պահելով բախտէն այրիացած սերունդները Հայուն: Ան կրօնական նուիրապետութեան մը կեդրոնը չէ միայն. այլ Հայուն հոգեւոր հայրենիքը:

Հետեւաբար, յանուն Սրբոց Յակոբեանց Զինուորեալ Միաբանութեան խստագոյնս կը դատապարտենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Հայոց Սրբութիւն Սրբոցի հանդէպ վերջին օրերու ամօթալի եւ անպատուաբեր դրսեւորումներն ու գործողութիւնները: Լիայոյս ենք, որ Մայր Աթոռը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը համաձայն վանական եւ եկեղեցական օրէնքներու՝ յարգելով ՀՀ օրէնքները, իսկ ՀՀ իշխանութիւնն ալ կը վերահաստատէ փոխադարձ յարգանքը՝ հանդէպ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ անոր գահակալի:

Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Ամենայն Հայոց Հայրապետին՝ հայցելով Բարձրեալի օգնականութիւնը եւ մաղթելով Հայոց Հօրը երկար օրեր»:

Եկեղեցւոյ դէմ Հայաստանի իշխանութիւններու գործողութիւնները աւելի վաղ քննադատած են նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատիրարք Սահակ արք. Մաշալեանը։