image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանը կ՚ըսէ՝ «տուէք այն, ինչ կ՚ուզեմ բանակցային եղանակով, այլապէս պատերազմով կ՛առնեմ»․ Փաշինեան

Ատրպէյճանը կ՚ըսէ՝ «տուէք այն, ինչ կ՚ուզեմ բանակցային եղանակով, այլապէս պատերազմով կ՛առնեմ»․ Փաշինեան

Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը Հայաստանի նկատմամբ հետեւեալն է՝ «այն, ինչ կ՚ուզեմ, տուէք ինծի բանակցային եղանակով, այլապէս ես այն կը վերցնեմ պատերազմով»։ Կառավարութեան փետրուար 15-ի նիստի մեկնարկին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ անդրադառնալով փետրուար 13-ին Ներքին Հանդի մէջ տեղի ունեցած մագլցումին ու ատրպէյճանական կողմի գործողութիւններուն։

«Ադրբեջանի մտադրութիւնը մնում է նոյնը՝ ռազմական հարկադրանքի քաղաքականութիւն Հայաստանի նկատմամբ։ Ադրբեջանը որեւէ հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերում սահմանային կայունութեան ու անվտանգութեան հարցում։ Օրինակ՝ 2022-ին պայմանաւորուածութիւն էր ձեռք բերուել, որ սահմանազատման յանձնաժողովների աշխատանքների մանդատի մէջ պէտք է ներառուեն նաեւ սահմանային անվտանգութեան հարցերը, ՀՀ-ն ստեղծեց պետական սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողով՝ ենթադրելով, որ սահմանային անվտանգութեան հարցերով կ՚աշխատենք, իսկ Ադրբեջանը, ի հեճուկս պայմանաւորուածութեան, այդ յանձնաժողովը կոչեց Ադրբեջանի ու Հայաստանի միջեւ սահմանազատման յանձնաժողով՝ բաց թողնելով անվտանգութեան կոմպոնենտը»,- յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեանը։

Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանը մագլցում հրահրելու եւ այդ մագլցումը ընդդէմ Հայաստանի պատերազմի վերածելու նպատակ ունի․ «Ադրբեջանը խօսում է 4 գիւղերի տարածքների մասին՝ հրաժարուելով ընդունել, որ ադրբեջանական օկուպացիայի տակ են գտնւում ՀՀ 31 ոչ անկլաւային գիւղերի կենսական տարածքներ։ Ադրբբեջանը փորձում է այնպէս անել, որ իրենց զօրքերը այդ տարածքներից ետ չգնան»։

Նիկոլ Փաշինեանն ըսած է, որ Հայաստանը կողմ է մարզ առ մարզ սահմանազատման՝ ամէն տարածքի մէջ վերարտադրելով սահմանը, բայց Ատրպէյճանը ատոր ալ համաձայն չէ։

Հայաստանի վարչապետն արձագանգած է նաեւ Պաքուէն հնչող յայտարարութիւններուն ու պահանջներուն, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի ներքին օրէնսդրութեան փոփոխութեան. «Պաշտօնական Բաքուից հնչող յայտարարութիւնները ՀՀ օրէնսդրական դաշտի մասին մեր ինքնիշխանութեան խախտում են ու միջամտութիւն մեր երկրի ներքին գործերին։ Փորձերը մեկնաբանելու, թէ ՀՀ օրէնսդրութիւնում խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար խոչընդոտներ կան, իրականութեան հետ որեւէ կապ չունեն։ ՀՀ օրէնսդրութեան մէջ խաղաղութեան պայմնաագրին խոչընդոտող որեւէ դրոյթ չկայ, սա նաեւ փորձագիտական գնահատական է»,- նշած է ան՝ աւելցնելով, որ կառավարութեան քաղաքականութիւնն է՝ բանակցութիւններու միջոցով կանխել հնարաւոր բացասական զարգացումները ու կանգնիլ ՀՀ ինքնիշխան շահերու պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ։