image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոմիութիւնը բնական կազ ստանալու այլընտրանքային ուղիներ կը մշակէ

Եւրոմիութիւնը բնական կազ ստանալու այլընտրանքային ուղիներ կը մշակէ

Եւրոմիութիւնը կը փափաքի ուժանիւթային մատակարարման հարցով նուազեցնել կախուածութիւնը Ռուսաստանէն եւ բնական կազ ստանալու շուրջ այս օրերուն կը բանակցի Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու հետ: Այդ մասին ըսած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆօն տեր Լայենը:

«Մենք ուժանիւթային անվտանգութեան հարցով համագործակցութիւն կը հաստատենք Միացեալ Նահանգներու հետ, որ Եւրոպա հեղուկ գազի գլխաւոր մատակարարն է: Կը քննարկենք նաեւ այլ ուղիներ. Նորվեկիան բաւական աւելցւոցած է մատակարարումները Եւրոպա», ըսած է Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավարը:

Ուքրանիոյ շուրջ ճգնաժամը եւ հնարաւոր ռազմական առճակատումը կրնան վտանգի տակ առնել Ռուսաստանէն Եւրոպա կազի փոխադրումը: Եւրոպայի կազի պաշարները տարուայ այս ժամանակի դրութեամբ սովորականէն 10-ը տոկոսով քիչ են: