image

Էթյէն Մահչուպեան. Օճալան Պիտի Չխօսի

Էթյէն Մահչուպեան. Օճալան Պիտի Չխօսի

Թուրքիոյ («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս) վարչապետ Ահմատ Տաւութօղլուի նախկին գլխաւոր խորհրդական  Էթյէն Մահչուպեանի կարծիքով  PKK-ի   հիմնադիր համարուող Ապտիւլլահ Օճալան, որ   ցկեանս բանտարկութեան   պատիժ ստացած է   պիտի շարունակէ լուռ մնալ:  Մահչուպեան,  որ այս թեմայով   յօդուած մը ստորագրած է  իշխանական «Տէյլի Սապահ»ին մէջ  նկատել տուած է, թէ   այս  ծանր հանգրուանին Օճալան   չի պատրաստուիր  իր տեսակէտը յայտնել:  Հայազգի լրագրողը նաեւ  կարծիք յայտնած է, որ գետնի վրայ   ծանր  կացութեան առջեւ է: Անոր կարծիքով   Օճալան  առանց որոշ «գին»ի մը  չուզէր իր կարծիքը տալ  կամ հանդարտութեան կոչով հանդէս գալ, ինչպէս որ  կատարած էր   նախորդ հանգրուանին: Գրողը նաեւ ըսած է, որ PKK–ի  ղեկավարութիւնը կոչուած է այս ճակատագրական պահուն  խնդիրը քաղաքական բեմահարթակ տանիլ, այլապէս    կրնայ  ծանր  պատասխանատութիւն կրելով   սխալներ գործել  եւ պատմութիւնէն դուրս «նետուիլ»: Ըստ Մահչուպեանի իշխանութեան դիրքերը շատ ուժեղ են եւ այն մտադիր է    PKK-դէմ այս  ծանր պայքարը մինչեւ վերջ տանիլ: