Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հիմնադիր ղեկավար Ապտուլլահ Օճալան անգամ մը եւս բանտէն կոչ կատարած է Անգարայի իշխանութիւններուն, որ քրտական հարցին արդար լուծում մը գտնելու նպատակով բանակցելու ընտրանքին դիմէ, կը հաղորդէ «Տեմոքրաթհապեր» լրատուական գործակալութիւնը։
1999էն ի վեր ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Օճալանի կոչը փոխանցուած է անոր փաստաբաններուն միջոցաւ, որոնք գրեթէ 2 ամիս ընդմիջումէ ետք, 8 Օգոստոսին կրցան հանդիպում մը ունենալ Օճալանի հետ:
«Մէկ շաբթուան ընթացքին կրնամ վերջ դնել զինեալ բախումներուն: Ես կը լուծեմ հարցը. վստահ եւ պատրաստ եմ անոր։ Սակայն պէտք է պետութիւնը ողջամտութիւն դրսեւորէ», -եզրակացուցած է Օճալան: