Իրաքի Էրպիլ քաղաքի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մահացած է Քիւրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) առաջնորդ Ապտալլա Օճալանի եղբայր Օսման Օճալանը։
Վերջինս վարակուած էր «Քովիտ»ով եւ կը բուժուէր Էրպիլի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ։
Օսման Օճալանը PKK–ի բարձրաստիճան անդամներէն եղած է, սակայն 2004-ին հեռացած է կուսակցութենէն: