ԱՄՆ ներկայիս վարչակազմը չի պատկերացներ, թէ ինչպէս պէտք է պատշաճ կերպով համագործակցիլ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այդ մասին յայտնած է ԱՄՆ նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփը։
«Անոնք չեն գիտեր, թէ ինչպէս վարուիլ Վլատիմիր Փութինի հետ: Անոնք պարզապէս կ'ըսեն սխալ բաներ սխալ ժամանակ», յայտարարած է ան Փենսիլվանիոյ մէջ աջակիցներու հետ հանրահաւաքին:
Թրամփի խօսքով՝ ներկայիս իշխանութիւնները «ոչինչ գիտեն հոգեբանութեան» եւ ներկայիս իրավիճակը կայունացնելու մասին։ ԱՄՆ ներկայիս իշխանութիւններու նման անկարողութիւնը Ուքրանիոյ հետ կապուած իրավիճակին հետ, ըստ նախկին նախագահին, կրնայ միլիոնաւոր զոհերու յանգեցնել Ուքրանիոյ մէջ:
Բացի այդ, Թրամփ ըսած է, որ եթէ ինք ԱՄՆ նախագահ ըլլար, ապա «Փութինը 100 տոկոս չէր յարձակեր Ուքրանիոյ վրայ»: