image

«Իմ ծանօթներէն շատեր ստիպուած են գիշերել ինքնաշարժերու մէջ». Կարօտ Սասունեան

«Իմ ծանօթներէն շատեր ստիպուած են  գիշերել  ինքնաշարժերու  մէջ». Կարօտ Սասունեան

Բնիկ  Սասունցի մեր հայրենակից՝ Կարօտ Սասունեանը  ստիպուած եղած է Տիարպէքիրի իրենց բնակարանը թողնել եւ  բարձրանալ Սասունի բարձունքները։ Ան այս մասին գրառում մը կատարած է, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։

 

 Սասունեան կը գրէ՝

«Ես Տիարպէքիր ապրած եմ: Երկրաշարժի գօտի Մարաշի մէջ երկու երկրաշարժ եղած է: Եկրաշարժի հետեւանքով մեծ աւերածութիւններ եղած են Մարաշ, Ատըեաման, Քիլիս, Ուրֆա, Տիարպէքիր, Հալէպ, Անթաքիա քաղաքներուն մէջ:

Երկրաշարժի պատճառով հազարաւոր մարդիկ մահացած են եւ հազարաւոր վիրաւորներ կան, 6300 շէնք աւերուած է: Եկեղեցիները չեն տուժած: Բայց մեր հայրենակիցներէն 2 հայ մահացած է:

Ես եւ ընտանիքս լաւ ենք: Մեծ քաղաքներուն մէջ բոլորը ստիպուած եղած են դուրսը ինքնաշարժի մէջ մնալ կամ աւելի ապահով գիւղեր երթալ: Ես եւ ընտանիքս Սասունի մեր տուն վերադարձած ենք»։