Մինչ Ֆրանսայի մէջ կ'ընթանան նախագահական քարոզարշաւը, «Ազգային Միաւորում» կուսակցութեան առաջնորդ Մարին Լը Փէնի վարկանիշը զգալի աճած է: Ան իր ցուցանիշներով մօտ է գործող նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին հաւասարելուն եւ Ֆրանսայի առաջին կին նախագահ դառնալուն:
Ծայրայեղ աջակողմեան հայեացքներու տէր Լը Փէնը, որուն գործող նախագահը ցեղապաշտ անուանած է, պատասխանած է անոր: 44-ամեայ կինը նշած է, որ ցեղապաշտ չէ:
«Թող իմ ծրագրին մէջ գտնէ մէկ առաջարկ, որ խտրականութիւն կը դնէ ֆրանսացիներու նկատմամբ` անոնց ծագման, կրօնին կամ մաշկի գոյնին պատճառով: Ես չափազանց վրդովեցուցիչ կը համարեմ Ֆրանսայի նախագահին խօսքերը: Ան դարձել է շատ յարձակողական այն պահէն, երբ մտած է քարոզարշաւ», ըսած է Լը Փենը:
Ֆրանսայի մէջ նախագահական ընտրութիւնները պիտի կայանան երկու փուլով` Ապրիլ 10-ին եւ 24-ին: