image

Երուսաղէմի մէջ. Վերամուտ Ժառանգաւորաց Վարժարանի

Երուսաղէմի մէջ. Վերամուտ Ժառանգաւորաց Վարժարանի

  Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը  այսօր  վերստին բացած է  իր դռները  ընթացք տալով 179-ուսումնական տարեշրջանին։ Հայաշխարհի մէջ  ամենատարեց  կրօնական այս օճախին մէջ ներկայիս իրենց ուսումը կը ստանան   33  սաներ։

Սեպտեմբերի 7-ին, Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի հանդիսութիւններու սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի 179-րդ ուսումնական տարուայ պաշտօնական բացումը:

Միաբանութեան՝ սրահ մուտք գործելէն ետք, սաները խմբերգեցին վարժարանի քայլերգը, որմէ տեսուչ Հոգշ. Տ. Թէոդորոս ծ. վրդ. Զաքարեանը ընթերցեց «Սերմնացանի» առակը: Աւետարանի ընթերցումէն յետոյ տեսուչ Հ. Սուրբը ներկաներուն փոխանցեց իր ողջոյնի խօսքը , որու աւարտին Ս. Աթոռիս լուսարարապետ Գերշ. Տ. Սեւան արք. Ղարիպեան սաներուն եւ ուսուցչական կազմին տուաւ իր հայրական խրատն ու օրհնութեան խօսքը:

Արարողութիւնէն ետք լուսարարապետ սրբազանը եւ Միաբան հայրերը հանդիպում ունեցան ուսուցչական կազմին հետ: Ներկայիս դպրեվանքին մէջ իրենց ուսումը կը ստանան է 33 ուսանողներ:

Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը եւ Ընծայարանը ամենահին կրօնական կրթական հաստատութիւնն է Հայ Եկեղեցու մէջ, որ հիմնադրուած է 1843-ին: