Յաճախ կը գրուի, որ ոճը մարդն է։ Մարդուս ոգին, անոր ներկայութիւնը , ստորագրութիւնը ի վերջոյ կը կազմեն աշխատանքով կերտուած ամբողջական կենսագրութիւն մը, որ կու գայ աւելնալու մեր երանափայլ նախնեաց ժառանգութեան վրայ։ Այդ տիպի գործիչ եւ մշակ է պոլսահայ Սեւան Տէյիրմենճեանը, որ օրերս Երուսաղէմի «Թարգմանչաց» վարժարանի բարձրագոյն դասարանի սաները առաջնորդած է Երուսաղէմի Հայոց Վանքին մէջ գտնուող եւ դարաւոր համբաւ ունեցող «Կիւլպէնկեան» մատենադարան։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ մասին հակիրճ լրատւութիւնը եւ լիարժէք յաջողութիւններ կը մաղթենք Պոլսահայ մտաւորականին, որ ներկայ ժամանակահատուածին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան արք.ի բարձր կարգադրութեամբ կը գտնուի Երուսաղէմ եւ լծուած է սերունդ դաստիարակելու վեհ առաքելութեան։
Վարժարանիս աւարտական դասարանի սաները, գլխաւորութեամբ իրենց հայերէնի ու հայոց պատմութեան ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեանի, այցելեցին Կիւլպէնկեան մատենադարան։ Աթոռոյս երանաշնորհ Եղիշէ արք. Դուրեան պատրիարքի քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամակին առթիւ 1930-ականներու սկիզբը ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի նուիրատուութեամբ հիմնադրուած մատենադարանը գիրքերու ու մամուլի բազմալեզու եւ հարուստ հաւաքածոյով լոյս կը սփռէ ո՛չ միայն Երուսաղէմի, այլ բովանդակ հայ աշխարհի ընթերցասէր հանրութեան։ Այցելութեան ընթացքին վարժարանիս սաները առիթ ունեցան շրջելու գրապահոցները, տեսնելու ու թերթելու հնատիպ գիրքեր, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ առնել Եղիշէ արք. Դուրեանի, Գալուստ Կիւլպէնկեանի, Երուսաղէմի պատրիարքութեան անցեալի գրադարաններու մասին։