image
Հրատապ լուրեր:

Այցելութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Մատենադարան

Այցելութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Մատենադարան

Օրերս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ ազգային պատուիրակութեան, այցելած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Մատենադարան։ Այցելութեան ընթացքին, Մատենադարանապետ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան ներկայացուցած է հայ ձեռագիրներու եւ գրաւոր ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները։

Սրբազան Հայրն ու պատուիրակութեան անդամները իրենց գնահատանքը յայտնած են կատարուած մասնագիտական բծախնդիր աշխատանքին եւ յաջողութիւն մաղթած պատասխանատուներուն։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Հինգշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2026-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Ազգային Վարչութեան ատենապետ տիար Տարօն Մակարեանի, Ազգային Վարչութեան անդամ տիկ. Նորա Գրաճեանի եւ Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչ տիար Վրէժ Եագուպեանի այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Մատենադարան, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ մատենադարանապետ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանին կողմէ:

Շահան Սրբազան ամփոփ կերպով անդրադարձաւ մատենադարանէն ներս հայ ձեռագիր եւ գրաւոր ժառանգութեան պահպանութեան ի խնդիր տարուող աշխատանքին։

Սրբազան Հայրը եւ ազգային պատուիրակութեան անդամները իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին Կաթողիկոսարանէն ներս Շահան Սրբազանին գլխաւորութեամբ տարուող մասնագիտական բծախնդիր աշխատանքին համար եւ յաջողութիւն մաղթեցին անոր։