Ողբալին այն եղաւ որ հայ հոգեւորականներ ձեռնեցին արարքը ու անուանարկեցին մեր անցեալի փառքը անշուշտ կարճ ժամկէտի մը համար։ Միւս կողմէ պատիւ եւ երախտիք Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին, քաջակորով Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանին, եւ ազնուաշուք ազգային բարերար Ալեք Մանուկեանին, որոնք թէ՛ փրկեցին 23 ձեռագիրները իսկական կորուստէ, եւ թէ՛ վերականգնեցին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ վարկը։
Դոկտ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան կը գրէ՝
Գայթակղալից Լուրը
Չտեսնուած բան մըն էր, չլսուած եւ անհաւատալի ուղիղ յիսուն տարիներ առաջ։ Երուսաղէմի Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի Հայոց Պատրիարքութեան եօթներորդ տարւոյն, 1967-ի Մարտ ամսուն, ի լուր աշխարհի յայտնի դարձաւ Սրբոց Յակոբեանց վանքի գանձատունէն 23 թանկարժէք մագաղաթեայ ձեռագիրներու կողոպուտն ու Լոնտոն գաղտագողի փոխադրութիւնը, նոյն տարւոյն Մարտ 14-ին վաճառուելու համար հանրածանօթ Սոթպի աճուրդի ընկերութեան կողմէ։
Ազգիս եւ եկեղեցիիս համար գայթակղալից ու վարկաբեկիչ սոյն ոճիրը անմտօրէն եւ անխղճօրէն կատարուած, կը յայտնուէր իսկոյն Սոթպի ընկերութեան կողմէ հրատարակուած յատուկ գեղատիպ «Ցուցակ»է մը, ուր հաւանական յաճախորդներուն համար տրուած էին անհրաժեշտ տեղեկութիւնները խնդրոյ առարկայ ձեռագիրներու մասին, բոլորն ալ մագաղաթեայ Աւետարաններ, գրուած 13-էն 18-րդ դարերուն, ներառեալ հռչակաւոր «Հեթումի Աւետարան»ը Թորոս Ռոսլինի անկրկնելի մանրանկարչութիւններով՝ ծանօթ Երուսաղէմ այցելող բանասէր ձեռագրագէտներուն։ Անոնք իսկոյն իրենց բողոքը բարձրացուցին որպէս վկաներ։ Յիշեալ գեղատիպ Ցուցակը ծանօթ է որպէս Catalogue of twenty-three important Armenian illuminated manuscripts.
Ներքին Ծալքերը
Առաջին պատասխանատուները անկասկած պիտի ըլլային Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան բարձրագոյն իշխանութիւնները՝ պատրիարքը, լուսարարապետն ու դիւանապետը։ Լուսարարապետը կը գլխաւորէր նաեւ «Գանձատան Յանձնախումբ»ը, բաղկացած երեք ընտրովի հոգեւորականներէ, որոնց գիտութեամբ միայն ձեռագիր մատեան մը, մէկէ ոչ աւելի, դուրս կը բերուէր յատուկ պաշտամունքի համար եւ իսկոյն կը վերադարձուէր։ Իշխանաւորները սակայն յայտնի դարձուցին որ նման Յանձնախումբ մը գոյութենէ դադրած էր այդ շրջանին, պատրիարքին իսկ կողմէ ծանուցուած որպէս «անկարեւոր» յանձնախումբ։ Հոս պայծառ կը փայլէր արդէն կատարուած դաւադրութիւնը։
Ձեռագիրները հինգ ամիսներ գերի տարուած կը նկատուին երբ 1966-ի Նոյեմբերին Լոնտոն հասեր էին, որոնց Երուսաղէմ վերադարձն ալ ստուգապէս տեղի ունեցած է 1967 Մարտ 11-ին։ Ձեռագրաց անպատկառ գողութիւնը ինչ պարագաներու ներքեւ ալ ըլլար կը հաստատէր պատասխանատու երեք բարձրաստիճան հոգեւորականներուն անտարբեր վերաբերմունքը, խարանելով զանոնք որպէս անընդունակ պահապանները ազգային եւ հոգեւոր գանձերուն։ Հայ եւ միջազգային մամուլը ընդարձակ եւ անխնայ արձագանգեց երբ ձեռագիրներուն հաւանական վաճառքը ծանուցուեցաւ որոնց ընդհանուր արժէքը այն ատեն գնահատուած էր 500,000 անգլիական ոսկի։ Մօտէն հետաքրքրուեցան Երեւանէն եւ Փարիզէն Երուսաղէմ այցելող յայտնի հայագէտ բանասէրներ գիտնականներ որոնք նոյն ձեռագիրները տեսած եւ սերտած ըլլալը կը վկայէին։
Մայր Աթոռի Ազդու Միջամտութիւնը
Վազգէն Ա. Հայրապետ՝ Փրկող Ձեռագիրներուն
Ձեռագիրներու գողութեան գայթը խորապէս մտահոգած է Ամենայն Հայոց Կաթո ղիկոս Տ. Տ. Վազգէն Ա. որ իր զայրոյթը յայտնած է հայրենի թերթերուն մէջ, եւ իսկոյն պահանջած որ վաճառքը կանգնի եւ հին մատեանները վերադարձուին Երուսաղէմ, յայտարարելով որ «դրանք ինչ գնով էլ լինի, պէտք է վերադարձուեն յանուն հայ ժողովուրդին»։
Հայրապետը իսկոյն հինգ անձերէ բաղկացեալ գործադիր յանձնաժողով մը կը նշանակէր ու Լոնտոն կ՛ուղարկէր տեղւոյն վրայ քննելու եւ լուծելու կատարուած խարդախութիւնը, գլխաւորութեամբ ազգային բարերար Ալեք Մանուկեանի։ Միեւնոյն ատեն Հայրապետը կը հեռագրէր Տէրտէրեան Պատրիարքին հրահանգելով որ «անհրաժեշտ է ձեր կողմէ անմիջապէս եւ պաշտօնապէս բողոքել Անգլիոյ պետական իշխանութիւններուն, տէր կանգնելով ու պահանջելով ձեռագիրներուն վերադարձը»։ Եղիշէ Տէրտէրեան Պատրիարք «ազդուած» կը պատասխանէր թէ «տագնապի մէջ ենք եւ ձեռք կ՛առնենք անհրաժեշտ միջոցներ տիրանալու ձեռագիրներուն»։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը հեռագրէր Երուսաղէմ տալով յանձնաժողովի հինգ անդամներուն անունները, որոնք Լոնտոնի մէջ մի քանի ժողովներ գումարեցին Երուսաղէմի Պատրիարքութեան դիւանապետ Շահէ եպիսկոպոս Աճեմեանի ներկայութեան որ գլխաւոր եւ տխրահռչակ գործակատարն էր կատարուած կողոպուտին։ Յանձնաժողովի ատենապետ ՀԲԸ Միութեան Նախագահ Տիար Ալեք Մանուկեան յանձն կ՛առնէր փրկագինը վճարել եւ ձեռագիրները ազատել, պահանջելով միեւնոյն ատեն վաճառորդին անունը, բան մը որ Սոթպի կը մերժէր յայտնել, ու այդ պայմանով միայն փրկագինը կ՛ընդունէր։ Հոս եւս լռելեայն կը հասկցուէր գողերուն ինքնութիւնը։ Բարերար Ալեք Մանուկեան իր մեծոգի ազնուութեամբ ձեռագիրներու սիրոյն կը վճարէր փրկագինը եւ գանձերը Երուսաղէմ կը վերադարձուէին։

Դոկտ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան
Սուտ Ամբաստանութիւն
Եթէ հոս փակուէր եղած խարդախ եւ զզուելի արարքը, ազգն ու եկեղեցին պիտի գոհանային անգին ձեռագիրներու ապահով վերադարձով՝ շնորհիւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ ազգային մեծ բարերարին։ Սակայն Երուսաղէմի հայոց պատրիարքն ու վերին իշխանութիւնը մտածեցին գողութեան յանցանքը անխղճօրէն իրենց վրայէն նետելու երկու պատուական բարձրաստիճան հոգեւորականներու՝ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Շնորհք Արքեպիսկոպոս Գալուստեանի եւ ծերունի Սուրէն Արքեպիսկոպոս Քէմհաճեանի վրայ, որոնք պաշտօնի վրայ էին անկէ տասնամեակ մը առաջ Երուսաղէմի մէջ, եւ իբր թէ այն ատեն անոնք ձեռագիրները մէկու մը միջոցաւ Լոնտոն ուղարկած էին վաճառքի համար։ Մտածել որ այդ գանձերը Լոնտոն հանգիստ կ՛ընէին տաս տարիներ եւ յանկարծ մէջտեղ կ՛ելլէին 1967 թուականին։ Հոս եւս խարդախութեան հերոսները պարզապէս կը խայտառակուէին։
Անհիմն եւ սուտ ամբաստանութեան դիմելով 1967 Մարտ 12-ին Յորդանանի արդարադատութեան նախարարութեան առջեւ երկու ամենապատիւ Շնորհք եւ Սուրէն Սրբազան Հայրերը գողութեան յանցանքով կը մեղադրուէին Եղիշէ պատրիարքին եւ դիւանապետ եպիսկոպոսին կողմէ։ Սակայն ազգն ամբողջ լիովին կը ճանչնար թէ՛ ամբաստանող եւ թէ՛ ամբաստանեալ հոգեւորականները, ու կը մնար միայն ափսոսալ առաջիններուն խելագար համարձակութեան վրայ եւ նովին իսկ դատապարտել զիրենք, կատարուած զեղծարարութեան համար։
Յորդանանի Պետական Միջամտութիւնը
Սուտը սուտին յաջորդելով երկուքն ալ օր մը իրար կ՛իյնան, ինչպէս որ յետագային պատահեցաւ։ Յորդանանի կառավարութեան միջամտութիւնը հիմնուած էր կեղծ պաշտօնագրի մը վրայ զոր Սուրէն Արքեպիսկոպոս ստորագրած էր իբր թէ 1959 Փետրուար 12-ին որ կը կրէր նաեւ պատրիարքութեան կնիքը։ Հոն կ՛ըսուէր թէ գործակալ մը նշանակուած էր որուն պաշտօնն էր 28 հատոր ձեռագիրներ Լոնտոն հասցնել։ Թէեւ ստորագրութիւնը իսկական էր, եւ սակայն այդ թուղթը խաբեբայ Շահէ եպիսկոպոս Աճեմեանի կողմէ կորզուած գիր մըն էր 1967 Փետրուար 28-ին, երբ «կը մտնէր Սուրէն Սրբազանի սենեակը, եւ օգտուելով վերջինիս գրեթէ կուրացեալ վիճակէն, սովորական վկայագիր մը ստորագրել տալու պատրուակին տակ վերոյիշեալ 1959 թուակիր կեղծ թուղթը ստորագրել կուտար»։ Յաջորդ օրն իսկ Սուրէն Սրբազան կուտար իր անձնական վկայութիւնը, թէ «Շահէ եպիսկոպոս ինծի կեղծ նամակ ստորագրել տուաւ օգտուելով աչքիս չի տեսնելէն, եւ կը կասկածիմ որ շահատակութեան ենթարկեն ստորագրութիւնս»։ Սուրէն Սրբազան միայն նախորդ օր լսած էր ձեռագիրներու գողութեան մասին։
Կորովի Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան
Ամենապատիւ Շնորհք Պատրիարք Կ. Պոլսոյ կը ստիպուէր անգիտանալ Յորդա նանեան վճիռը, որ ինքնին իբր թէ նոր օրէնքի մը տրամադրութեամբ ներում կը շնորհէր։ Շնորհք Պատրիարք կը խմբագրէր եւ Իսթանպուլի մէջ կը հրատարակէր «Ձեռագիրներու Գողութեան Գայթակղութիւնը» անուն մեծադիր եւ փաստացի հատորը, լիովին պախարակելով իսկական գողերը եւ հրապարակաւ ամբաստանելով Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Եղիշէ, Հայրիկ, եւ Շահէ եպիսկոպոսները «իբրեւ մեղապարտներ եւ մեղսակիցներ ձեռագիրներու գողութեան մէջ»։ Արդարակորով Պատրիարքը կը հերքէր կատարուած անամօթ զրպարտութիւնը՝ հիմնուելով հետեւեալ իրողութեանց վրայ։
Ա. Բացայայտ սուտ մըն էր Յորդանանի դատախազին վերագրումը, եւ մանաւանդ «անճարակ սուտ մը»։
Բ. Շնորհք Պատրիարքի Երուսաղէմի անցեալի Երուսաղէմի լուսարարապետի պաշտօնէն անցած էին տասնամեակ մը, եւ վանքի իշխանաւորները չէին գիտցած թէ ամենէն նշանաւոր գանձերը կը պակսէին Գանձատունէն այդքան երկար ժամանակ։
Գ. Որպէս ամբաստանեալ Շնորհք Պատրիարք դատի չէ կանչուած, իրեն դատական կոչնագիր անգամ չէ ղրկած դատախազը։
Դ. «Ընկերովի գողութեան յանցանք» որակուած վճիռը նոյնհետայն ներումի վերածուած է Յորդանանի արդարութեան նախարարութեան կողմէ իբր թէ «1965-ի ընդհանուր ներումի օրէնքին» համաձայն։
Ծիծաղելի այս որոշումին վրայ Շնորհք Պատրիարքի կը մնար ըսել թէ «դատախազը ամբաստանուած ըլլալս անգամ չհաղորդեց ինծի, խնդիրը կոճկեց եւ գոցեց, ու զիս ներումի արժանացուց։ Պակաս թող ըլլայ, իրենց ներումը նոյնութեամբ կը վերադարձնեմ իրենց» գրեր էր։
Տարիներ ետք, 1985-ին, երբ Եղիշէ Տէրտէրեան պատրիարքի եւ Շահէ Աճեմեան եպիսկոպոսի միջեւ խրամատը բացուեցաւ եւ վերջինս վտարուեցաւ միաբանութենէն, Տէրտէրեան խոստովանեցաւ որ Աճեմեան պատրաստած էր «Շնորհք պատրիարքին վերագրուած ձեռագիրներու դատապարտութիւնը»։ Իր կարգին Աճեմեան «հրապարակ հանեց երկու ծանօթ նամակները» ձեռագիրներու գողութեան առնչութեամբ, վարկաբեկելով Եղիշէ պատրիարքը։ Որքան ճշմարիտ է ասացուածքը «գողը գողէն գողացաւ, Աստուած տեսաւ զարմացաւ»։ Այդ նամակները Սոթպի աճուրդի հաստատութեան նամակներն էին, մին ուղղուած Տէրտէրեան պատրիարքին, եւ միւսը Շահէ Աճեմեանին, որոնք կը փաստէին թէ Երուսաղէմի ձեռագիրներու ծանօթ աճուրդին պատասխանատուն ուղղակի Եղիշէ պատրիարքն էր։
Փակում
Այստեղ կը փակենք անպատուաբեր դիպուածը յիսունհինգ տարիներ առաջ կատարուած որ Հայ Երուսաղէմի անունը պահ մը վատնեց ու Հայ Եկեղեցւոյ վարկը նսեմացուց յաչս եւրոպական պետութեանց։ Ողբալին այն եղաւ որ հայ հոգեւորականներ ձեռնեցին արարքը ու անուանարկեցին մեր անցեալի փառքը անշուշտ կարճ ժամկէտի մը համար։ Միւս կողմէ պատիւ եւ երախտիք Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին, քաջակորով Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանին, եւ ազնուաշուք ազգային բարերար Ալեք Մանուկեանին, որոնք թէ՛ փրկեցին 23 ձեռագիրները իսկական կորուստէ, եւ թէ՛ վերականգնեցին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ վարկը։