Անթալիոյ «Ոսկէ նարինջ» շարժանկարի 62րդ փառատօնին յատուկ մրցանակ շնորհուած է Ռըզա Օյլումի «Անհայրենիք տեղացին» անունով փաստավաւերագրական ժապաւէնին, որ կը շօշափէ փոքրամասնութիւններու ապրած ներքին բախումները եւ կը պատմէ հայ դարբին Երուանդ Տէմիրճիի կեանքի ոդիսականի մասին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Անթալիոյ «Ոսկէ նարինջ» շարժանկարի 62րդ փառատօնը հասաւ իր աւարտին։ Դատակազմը իր յատուկ մրցանակը շնորհեց Ռըզա Օյլումի «Անհայրենիք տեղացին» անունով փաստավաւերագրական ժապաւէնին։ Շարժանկարը կրնար աննկատ անցնիլ մեզի համար եւ մնալ պարզապէս որպէս հերթական լուր, եթէ չշօշափէր փոքրամասնութիւններու ապրած ներքին բախումները եւ չպատմէր հայ դարբին Երուանդ Տէմիրճիի կեանքի ոդիսականի մասին։
Ռըզա Օյլում նկարահանումները կատարած է երեք «կանգառ»ներով. ան սկսած է Երուանդ Տէմիրճիի ծննդավայր Մարտինի Տերիք գիւղէն, հասնելով Սամաթիա եւ ապա՝ Երեւան։ Ասիկա պատմութիւն է չորս սերունդներու մասին, բայց ո՛չ թէ քաղաքական ենթահողով, այլ մարդկային խորունկ ուրուագծերով։
Ռըզա Օյլում փորձած է ցոյց տալ մարդու՝ իր արմատներու, լեզուի եւ ինքնութեան հետ ունեցած յարաբերութիւնը։ Նկարահանումները կատարուած են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ, ընդգծելով վարպետի երկու հայրենիքներու եւ երեք քաղաքներու միջեւ ստեղծուած հոգեկան կամուրջը։
Յառաջիկայ Երկուշաբթիի մեր թիւով ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Ռըզա Օյլումի հետ կատարուած բացառիկ հարցազրոյց մը, ուր ան մանրամասնօրէն կը պատմէ նկարահանումներու, Տէմիրճիի կերպարի եւ այն մասին թէ իր կարծիքով ինչո՞ւ ժապաւէնը կը խօսի միայն մարդոց եւ ոչ երբեք՝ քաղաքականութեան մասին։